2014-09-25 11:33:50

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի պատգամը` ՄԱԿ-ի Նիւ Եորքի մէջ կայացած 69-րդ լիանիստ գումարին։


Չորեքշաբթի, 24 սեպտեմբերին, ՄԱԿ-Ի վեհաժողովի 69-րդ նստաշրջանին, յանուն Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին, Վատիկանի Պետքարտուղար Կարդինալ Փիէթրօ Փարոլին, պատգամ մը յղեց ժողովականներուն որուն ընթերցումը կատարեց` ՄԱԿ-ի մօտ Սուրբ Աթոռի մնայուն դէտ գերապայծառ Պէրնարտիթօ Աուզան։
Պատգամին մէջ Կարտինալը յայտնած է Ֆրանչիսկոսի Պապի քաջալերանքը արժեւորելու իւրաքանչիւր մարդ արարածի անհատական արժանապատութիւնը ինչպէս նաեւ Անոր մաղթանքը որպէսզի ''միջազգային հասարկութեան կողմէ որոնուած լուծումները նպաստեն ժողովուրդներու միջեւ խաղաղութեան հաստատումին եւ հակադարձեն աղքատութեան երեւոյթին եղբայրութեան հոգիով որ կը բաժնեկցի ցաւերն ու ուրախութիւնները։
Կարտինալ Փարոլինը իր պատգամին մէջ ապահովցուցած է Ֆրանչիսկոս Պապի մօտիկիութիւնը բոլոր ժողովականներուն ու փոխանցած է Անոր մաղթանքը որպէսզի ՄԱԿ-ի վեհաժողովը առիթ հանդիսանայ ''պետութիւններու պատուիրակութիւններու միջեւ աւելի լաւ փոխըմբռնումի եւ համագործակցութեան'' ի սպաս համաշխարհային հասարակութեան բարիքին եւ ի ծառայութիւն մնայուն խաղաղութեան մը եւ ժողովուրդներու բարգաւաճումին''։







All the contents on this site are copyrighted ©.